ԱՄՆ նախագահը ճանաչեց ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՅՈՒՆԸ2021-04-24 11:23:00
Վայրկեաններ առաջ, Նախագահ Պայտընի կողմէ յայտարարութեամբ մը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Բացի անկէ որ նման ճանաչում մը կարեւոր եղելութիւն պիտի համարուէր եթէ ան կատարուէր որեւէ երկրի մը կամ գերպետութեան մը կողմէ, այսօրուանը աւելի եւս յատկանշական է որովհետեւ ան կը կատարուի Թուրքիոյ գլխաւոր ռազմավարական դաշնակցին կողմէ, որ տասնամեակներ շարունակ մերժած էր գործածել «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը։ Եզրոյթ մը, որ ունի կարեւոր օրինական եւ քաղաքական հետեւանքներ։
Մերժումի հետեւանքը եղած է այն, որ թրքական բռնատիրութիւնը յաջողած էր պատանդ վերցնել ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութիւնը, ու հոն պարտադրել իր առաջնահերթութիւնները։ Այսօրուան եղելութեամբ, վերջ կը դրուի այդ սուտին եւ մերժումին, եւ ԱՄՆը փաստօրէն Թուրքիան
կ՚ ամբաստանէ ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու յանցանքով։ ԱՄՆ պիտի չդադրի Թուրքիոյ դաշնակիցն ու գլխաւոր զինողը ըլլալէ, բայց հիմա արդէն հայութեան կը տրուի պայքարի յաւելեալ միջոցներ։
Առնուազն քաղաքական տհասութիւն պիտի ըլլայ նսեմացնել այսօր յայտարարուած ճանաչումի քաղաքական արժէքը։ Բնականաբար ան մեծ բարոյական յաղթանակ է, սակայն ան հայութեան առջեւ կը բանայ նաեւ լայն դիւանագիտական եւ դատաիրաւական կարելիութիւններ, ու մեր Դատը կ՚առաջնորդէ դէպի յաջորդ հանգրուանները՝ այսինքն Թուրքիայէն հաշուետւութիւն եւ փոխհատուցում պահանջելու հանգրուանները՝ այս պարագային ԱՄՆ դատարաններու եւ քաղաքական գործընթացներու ճամբով։ Վերջպէս, պատճառ մը կար որ Թուրքիան ոգի ի բրին կը պայքարէր այս ճանաչումին դէմ։
Այսօր մենք կը հասկնանք եւ կը գնահատենք այն փաստը, որ մեր մարտունակ տղոցմէ քանիներու լրջագոյն զոհողութիւններով, ինչպէս նաեւ բիւրաւոր նուիրեալ ազգակիցներու անթուլ գործունէութեամբ է որ կարելի կը դառնայ այս յաջողութիւնը՝ որ միայն սկիզբ մըն է Հայ Դատի յաղթանակներու շղթային։
Վարձքը կատար բոլոր Հայ Դատի մարտնչողներուն, անոնք ըլլան այսդի աշխարհ թէ այնդի։ Պայքարը կը շարունակուի։
Այս նյութը դիտել են - 3628 անգամ