ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԸ2023-03-02 01:09:00
Որեւէ ժողովուրդի համար ազգային մտածելակերպը ակունքն է անոր իղձերուն, կարիքներուն, պահանջներուն եւ մօտաւոր ու հեռաւոր նպատակներուն։
Վերանկախացած Հայաստանի բնակչութիւնը իր կարգին զարգացուց իր ուրոյն ազգային մտածելակերպը, որուն հոլովոյթը այսօր կը պարզէ հայկականութեան անյարիր վիճակ մը։
Ներկայ Հայաստանի բնակչութեան ազգային մտածելակերպի հոլովոյթը կարելի է խտացնել հետեւեալ կէտերու մէջ.-
Սկզբնաւորութեան այս մտածելակերպի հիմքը Արցախի ազատագրումն է։
Արցախի ազատագրումով ազգային մտածելակերպը ընդլայնուեցաւ ներկայ Հայաստանի եւ ազատագրուած Հայաստանի միացումի գաղափարով։
Միացումի առաջադրանքը նոր ոգի ու շունչ մատուցեց մեր հաւաքական պահանջատիրութեան, բռնագրաւեալ հայրենական հողերու տիրութիւն կատարելու ձգտումին, մեր հաւաքական իրաւազրկումի արդարահատուցման, որոնք ճամբայ պիտի հարթէին Միացեալ Հայաստանի ու Միացեալ Հայութեան կերտումին։ Այս մտածելակերպը այն իղձն էր, որ Պարոյր Սեւակ անուանած էր մեր «անկատար տենչեր»ը։
Շուտով մոռցնել տուին եւ մոռացութեան դատապարտուեցաւ մեր անկատար տենչերու ազգային մտածելակերպը։
Վերանկախացած Հայաստանի ղեկավարները ըսին, եւ ժողովուրդի մեծ մասը ընդունեց, որ ներկայ Հայաստանը պահելու համար անկատար տենչերը պէտք է վերացուին։ Եւ վերացուեցան։
Կարգը հասաւ Արցախը հայրենիքին միացնելու հարցին։
Վերանկախացած Հայաստանի ղեկավարները ըսին, եւ ժողովուրդի մեծ մասը ընդունեց, որ ներկայ Հայաստանը գոյութիւնը կը վտանգուի Արցախի հետ միացումով։ Եւ վերջ գտաւ «միացումի» մտածելակերպը։
Մնաց ազատագրուած Արցախի գոյութեան խնդիրը։
Հայաստանի ղեկավարները ըսին, եւ ժողովուրդին մեծ մասը հաստատեց, թէ Հայաստանը ապրեցնելու համար պէտք է Արցախը ազատազրկուի։ Եւ Արցախը ազատազրկուեցաւ։
Հայաստանի ղեկավարները հիմա կ՚ըսեն, եւ ժողովուրդի մեծ մասը հնազանդ հոտի նման կը հետեւի, թէ Արցախը հայկական հող չէ, մաս կը կազմէ Ադրբեջանին։ Հիմա ազգային այս մտածելակերպի գործադրութեան հանգրուանը սկսած է։
Պարզ է, որ վերանկախացած Հայաստանի ազգային մտածելակերպը փոքրանալու եւ ազգն ու երկիրը փոքրացնելու մաշտաբներով կ՚ընթանայ։
Անշուշտ փոքրանալու եւ փոքրացնելու ազգային մտածելակերպը կանգ չէ առած, առաջ կ՚ընթանայ աւելի փոքրանալու եւ փոքրացնելու հեւքով։
Կարգը պիտի հասնի Հայաստանի Սիւնիքին եւ հարաւային այլ շրջաններուն։ Եւ վերանկախացած Հայաստանի ղեկավարները պիտի ըսեն, եւ ժողովուրդին մեծ մասը պիտի հաւատայ, որ գէթ փոքրացած Հայաստան մը պահելու համար պէտք է տալ Սիւնիքն ու հարաւը։ Եւ այս ազգային մտածելակերպով այդ հողերը պիտի յանձնուին։
Բայց դեռ կայ աւելին։ Պիտի գայ օրը երբ վերանկախացած Հայաստանի ղեկավարները պիտի ըսեն, եւ ժողովուրդի մեծ մասը պիտի ընդունի, թէ պէտք է առնուազն Երեւանը պահել։ Երեւանը պահելու համար պէտք է դադրեցնել հայկական գերիշխանութիւնը փոքրացած Հայաստանի միւս շրջաններու վրայ։ Այս եւս պիտի պատահի, որովհետեւ խեղճացած ազգային մտածելակերպով կարելի չէ ուրիշ բան ընել։
Երեւանին ալ կարգը պիտի գայ, երբ Հայաստանէն ինչ որ մնացած հողերու տնտեսութիւնը, մշակոյթը, վարչական կառոյցները պիտի թափանցուին եւ իւրացուին թրքական տարրերու կողմէ։
Ասիկա պիտի ըլլայ վերանկախացած Հայաստանի ազգային մտածելակերպի վախճանական հանգրուանը, երբ ղեկավարութիւնը վերջին անգամ ըլլալով պիտի ըսէ, Երեւանը տանք մեր դրամներն ու ունեցուածք պահենք։ Իսկ ժողովուրդի մեծ մասին ըսելիք պիտի չմնայ, բացի անկէ, որ հայրենիքը տուինք Երեւանն ալ տանք, որպէսզի գարշելի գոյութիւն ունենանք։
Այս նյութը դիտել են - 839 անգամ