ՍՓԻՒՌՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ
2023-06-03 01:01:00
Այսօր հասած ենք մեր պատմութեան այն հանգրուանին, ուր Թուրքիան պիտի որոշէ հայոց աշխարհի արեւելեան հատուածի գոյութիւնը։ Անցեալին գտնուեցանք նման պատմական հանգրուանի մէջ, ուր Երկրի (այսինքն, բուն Հայաստանի՝ Արեւմտեան Հայաստանի ) գոյութիւնը կամ չգոյութիւնը կախեալ էր Օսմանեան Կայսրութենէն։
Աւելի քան մէկ դարէ ի վեր Թուրքիան վճռած է Երկրի ճակատագիրը։ Հայկական բարձրաւանդակը բռնագրաւուած է եւ անոր բնիկ ժողովուրդը՝ Արեւմտահայութիւնը չքացածէ՝ մէկ մասը ցեղասպանութեան ենթարկուելով, միւս մասը բռնի տեղահանուելով։
Ներկայ հանգրուանը վերանկախացած Հայաստանի ճակատագրի վճռումին շրջանն է։ Վճռողը Թուրքիան է, ինչպէս 107 տարիներ առաջ վճռած էր Երկրի ճակատագիրը։
Վերանկախացած Հայաստանը պատահականօրէն կամ քաղաքական անողոք դասաւորումներու պատճառով չհասաւ հոս։ Մենք հասանք հոս, որովհետեւ թրքական դաւը սկսաւ վերանկախացումի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք։
Չտեսանք այս դաւը (ի բացառեալ մի քանի հայերէ)։ Չտեսանք, որովհետեւ մենք չգիտցանք մեր երկրի աշխարհաքաղաքական արժէքը եւ մեր ժողովուրդի ստեղծագործ տաղանդը։ Չտեսանք դաւը, երբ Ստեփանակերտի մէջ սպաննուեցաւ Արթուր Մկրտչեանը։ Չտեսանք դաւը, երբ Ազգային Ժողովի մէջ սպաննուեցան Վազգէն Սարգսեանը եւ Կարէն Դեմիրճեանը։
Չտեսանք դաւը, որովհետեւ վերանկախացած Հայաստանի մէջ թոյլ տուինք քաղաքական զարտուղի վերնախաւի մը զարգացումին։ Զարտուղի քաղաքական վերնախաւ մը, որ բաղկացած է պատեհապաշտ քաղաքական պատասխանատուներէ, գողերէ ու աւազակներէ։
Ինչպէս դար մը առաջ հայանուն պոլշեւիկներէ կազմուած վերնախաւ մը երկրին տիրեց՝ ապաւինելով ռուսական կարմիր բանակայիններու սուիններուն, այսօր ներկայի զարտուղի վերնախաւը երկրին տիրած է թրքական դրամի, գործակալներու եւ քարոզչութեան միջոցով։
Եթէ անցեալին Հայաստանի իշխանութեան վրայ մնալու նեցուկը Կարմիր Ռուսաստանն էր, այսօր ներկայ զարտուղի վերնախաւին ապաւէնը Թուրքիան է։
Եթէ անցեալին Հայաստանի գոյութիւնը եղբայրական Ռուսաստանէն կախեալ էր, այսօր անոր գոյութիւնը հանրապետական Թուրքիայէն կախեալ է։
Քանի մենք չտեսանք թրքական դաւը, այս փոքր հայրենիքը հասցուցինք ներկայ հանգրուանին։
Հիմա մեր բոլոր աշխարհաքաղաքական վերլուծումները անիմաստ են, քանի մենք չկրցանք գնահատել մեր երկիր աշխարհագրական դիրքն ու կարեւորութիւնը։
Մեր բոլոր ռազմավարական առաջադրանքները ունայնութիւն են, որովհետեւ ռազմավարութեան համար հնարաւորութիւններ ստեղծելու անընդունակ ենք։
Մեր բոլոր անցեալի վկայակոչումները, հերոսական կոչերը եւ գօտեպնդող յայտարարութիւնները փուճ են, որովհետեւ մենք ո՛չ թափանցած ենք անոնց խորութեան, ո՛չ ալ պատրաստ ենք արիւն ու քրտինք թափելու անոնց իրագործման համար։
Հիմա ներկայ Հայաստանի մէջ կը տիրապետէ Փաքս Թուրքիքան (Pax Turcica), ճիշդ այնպէս ինչպէս անցեալին Երկրին մէջ կը տիրէր Փաքս Օթթոմանիքան (Pax Ottomanica)։
Կը գտնուինք այժմ աշխարհաքաղաքական նոր իրականութեան մը դէմ յանդիման։ Ներկայ Հայաստանը որոշած է ընդունիլ այս իրականութիւնը՝ նոյնիսկ ի գին հայրենիքի ու անկախութեան կորուստի։ Կարեւորը գոյութիւնը գարշ տալ է, հոգ չէ թէ ծնկաչոք Թուրքիոյ առջեւ։
Զարտուղի վերնախաւը նաեւ կը ձգտի Սփիւռքը դարձնել զոհ՝ իրերու այս ահաւոր դրութեան։
Արդէն Սփիւռքը վերջին երեսուն տարիներուն ամէն տեսակի զիջումներ կատարեց ներկայ Հայաստանի վարած ապիկար քաղաքականութեան։
Սփիւռքը, մեր ժողովուրդի իրաւազրկուած այն հատուածն է, որ տասնամեակներու պատրաստութեամբ ու պայքարով, դիմակազերծած ու դէմ դրած է թէ՛ Փաքս Օթթօմանիքային եւ թէ՛ Փաքս Թուրքիքային։
Այսօր Սփիւռքը կը գտնուի Թուրքիոյ եւ ներկայ Հայաստանի գոյակցութեան վտանգաւոր ճամբու սպառնացող առանցքին։
Եթէ Հայաստան որոշած է իր պարանոցը յանձնել Թուրքիոյ, Սփիւռքը ոչ մէկ պարտաւորութիւն ունի եւ պէտք չէ՛ ունենայ՝ հետեւելու այդ ճանապարհին։
Սեդօ Պոյաճեան
Յունիս 2, 2023
Այս նյութը դիտել են - 996 անգամ