Րաֆֆի Տուտագլեան
Արդէն 18 օրէ ի վեր «Հաց բերող»ը հացադուլի մէջ է: Անոր առողջական վիճակը օրէ օր կը վատթարանայ եւ արդէն իսկ հիւանդ մարմինը կը հիւծի, շա՜տ աւելի արագ քան կարելի է պատկերացնել: Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, քաղաքական դէմքեր, մարդկային իրաւանց հարցերով զբաղող մարդիկ, իրաւաբաններ, ընկերներ, հարազատներ եւ ընտանիքի անդամներ ամէն օր կը յորդորեն «Հաց բերող»ը, որ հրաժարի հացադուլէն, որովհետեւ իր հիւանդ մարմինը շատ երկար չի դիմանար, մահը անխուսափելի է… Բայց «Հաց բերող»ը կը մնայ անդրդուելի:
2016ի Յուլիսին, երբ խումբ մը զինեալներ գրաւած էին Էրեբունիի ոստիկանական գունդի կեդրոնը, Արթուր Սարգսեան անունով մարդ մը, իր ինքնաշարժով ճեղքեց ոստիկանական պաշարման շղթան եւ սնունդ հասցուց 10 օրէ ի վեր այնտեղ գտնուած եւ «Սասնայ Ծռեր» անունով հանդէս եկած զինեալներու խումբին: Այդ օրէն ի վեր, Արթուր Սարգսեանը ստացաւ «Հաց բերող» անունը եւ մինչեւ այսօր կը ճանչցուի իբրեւ այդպիսին:
Յուլիս 30ին, երբ զինեալները յանձնուեցան ոստիկանութեան, «Հաց բերող»ը եւս ձերբակալուեցաւ եւ մեղադրուեցաւ պատանդ վերցնելու, ապօրինի զէնք-զինամթերք ձեռք բերելու, իրացնելու, պահելու եւ փոխադրելու յանցանքներով: Երբ իրաւաբաններ, մարդկային իրաւունքի պաշտպաններ եւ այլ բանիմաց մարդիկ աղմուկ-աղաղակ բարձրացուցին եւ անհեթեթութիւն համարեցին միայն ուտելիքով «զինուած» մարդուն նմանօրինակ ամբաստանութիւններով ձերբակալելը, դատախազութիւնը փոխեց «Հաց Բերող»ին մեղադրանքը, եւ ան ամբաստանուեցաւ զինուած խումբին օժանդակելուն համար: Դեկտեմբերի վերջին օրը, սակայն, տարիներէ ի վեր առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցող Արթուր Սարգսեանը ազատ արձակուեցաւ, իսկ դատախազութեան կողմէ տրուեցաւ հետեւեալ բացատրութիւնը.
«Հիմք ընդունելով բժշկական կոնսիլիումի եզրակացութեամբ Ա. Սարգսեանի մօտ ախտորոշուած հիւանդութիւնը, որը նուազեցնում է նրա կողմից քննութիւնից խուսափելու, նոր յանցանք կատարելու հաւանականութիւնը, վերջինիս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է ընտրուել չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը»:
«Հաց բերող»ը ոչ միայն չհեռացաւ, այլեւ իր արարքին, իր հաւատացածին, գաղափարներուն, հայրենիքի վիճակին, իշխանութիւններուն ու հանրութիւնը յուզող հարցերուն մասին տուաւ սպառիչ հարցազրոյց մը, որ առցանց սփռումով արժանացաւ տասնեակ հազարաւոր դիտումներու:
Համացանցի վրայ բուռն քննարկումներ յառաջացուցած «Հաց բերող»ը, նախքան այդ իսկ, արդէն դարձած էր հանրութեան կարեւոր մէկ հատուածին սիրելի անձնաւորութիւնը, շա՜տ աւելի սիրուած ու յարգուած, քան՝ բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, որոնք այսօր կը փորձեն ճնշումով ու կաշառքով Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուիլ: Յայտնի երգիչ-երգահան Արմէն Մովսիսեան իր «Հաց եմ բերել ձեզ, տղերք» երգը յօրինած ու նուիրած էր «Հաց բերող»ին, նոյնը ըրած էր նաեւ երգահան Եղիշէ Պետրոսեան, միաժամանակ, մեծ թիւով քաղաքացիներ «Հաց բերող»ը ներկայացուցած էին իբրեւ իրենց թեկնածուն՝ «Օրորա» մրցանակին համար, իսկ քաղաքացիներու ուրիշ խումբ մը առաջարկած էր Օգոստոս 9-ն (իր տարեդարձի օրը) յայտարարել «Հաց բերողի օր» եւ այդ օրը սնունդ նուիրել կարիքաւոր քաղաքացիներու:
Աւելի՛ն, մամուլին մէջ տեղեկութիւններ ի յայտ եկան, թէ վարկանիշ չունեցող կուսակցութիւններ «Հաց բերող»ը կ՛ուզեն դարձնել իրենց թեկնածուներէն մին՝ քուէ շահելու յոյսով…
Մեծ թիւով դիտումներու արժանացած հարցազրոյցէն կարճ ժամանակ ետք, «Հաց բերող»ը գրութեամբ մը կոչ ուղղեց ժողովուրդին, որ Ապրիլ 2ին՝ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն օրը, քաղաքացիները հրաժարին քուէարկութեան մասնակցելէ եւ բարձրանան Եռաբլուր, յարգանքի տուրք տալու Ապրիլեան պատերազմի զոհերուն: «Հաց բերող»ը իր այս կոչը կը հիմնաւորէր՝ ըսելով.
«(…)Հարց է առաջանում, թէ ինչո՞ւ են այսօրուայ իշխանութիւնները, կատարելով օրէնքների ակնյայտ խախտումներ՝ ընտրութեան օրը տեղափոխում Ապրիլի 2ը: Ես համոզուած եմ, որ այդօրուայ տեղափոխութիւնը կատարուել է դիտաւորութեամբ, համայն հայութեանը շեղելու ապրիլեան իրադարձութիւններից, ինչպէս որ արեցին թուրքական իշխանութիւնները 2015թ. Ապրիլի 24ին (խօսքը կը վերաբերի Կալիփոլի ճակատամարտի յիշատակման օրի տեղափոխման-ՐՏ):
Այս ամէնը թոյլ է տալիս հասկանալու եւ ապացուցուած համարելու, որ եւս մէկ անգամ, Հայաստանի եւ Թուրքիայի իշխանութիւնների միջեւ գոյութիւն ունի սերտ եղբայրական համագործակցութիւն՝ ուղղուած համայն հայութեան դէմ:
Խնդրանք յորդորս՝ համա՛յն հայութեանը:
Ապրիլի 1ից 4ը հանդիսանում են համայն հայութեան համար սգոյ օրեր:
Ամէ՛ն գնով վիժեցնել Ապրիլի 2ին նշանակուած խորհրդարանական ընտրութիւնները:
Ապրիլի 1ից 4ը պատշգամբներից պէտք է խոնարհուեն Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները՝ սգոյ սեւ նշանը դրօշակներին կապուած:
Ստիպե՛լ Հայաստանի ապօրինի իշխանութիւններին՝ յարգել ապրիլեան օրերին հայրենիքի համար զոհուած հերոսների յիշատակը:
Ստիպե՛լ ՀՀ կառավարութեան շէնքի դրօշակի խոնարհմանը:
Ապրիլի 2ին, բոլորս մէկ մարդու պէս, ի յիշատակ մեր հերոս զաւակներին, յարգանքի տուրք մատուցել՝ այցելելով «Եռաբլուր» պանթէոն:
Ես իմ խորին ցաւակցութիւնն եմ յայտնում հայրենիքի համար զոհուած հերոսների ընտանիքներին»։
Իր շուքէն վախցող եւ «գող՝ սիրտը դող» հոգեբանութեամբ ապրող իշխանութիւններուն պատասխանը չուշացաւ: Այս կոչէն շուրջ երկու շաբաթ ետք՝ Փետրուար 9ին, իրաւապահ մարմինները դարձեալ ձերբակալեցին «Հաց բերող»ը՝ տալով այլեւայլ բացատրութիւններ (տեսնել http://www.azatutyun.am/a/28309021.html կայքէջը):
Փետրուար 10էն ի վեր, «Հաց բերող»ը հացադուլի մէջ է եւ այդ ձեւով կը բողոքէ իր երկրորդ ձերբակալութեան դէմ: 26 պատգամաւորներ դիմում կատարած են Գլխաւոր դատախազին՝ «Հաց բերող»ը ազատ արձակելու խնդրանքով, եւ տակաւին, հազարաւոր քաղաքացիներ ստորագրութիւններ հաւաքած են ու կը շարունակեն հաւաքել՝ պահանջելով անոր ազատ արձակումը, տեղի կ՛ունենան բողոքի հաւաքներ, Դիմատետրի դիմումներ եւ այլն…
Իսկ սփիւռքահայ մեր թերթերը որքանո՞վ կ՛անդրադառնան այս իրադարձութիւններուն. ինչո՞ւ այս տեղեկատուական շրջափակումը, որմէ՞ կը վախնան եւ որո՞ւ յանձնարարականով՝ այս հարցերուն մասին չե՛ն տեղեկացներ սփիւռքահայ ընթերցողները: Թունիզի մէջ ինքնահրկիզման դիմած արաբ քաղաքացիին պատմութիւնը նո՞յն ճակատագիրին ենթարկուած էր սփիւռքահայ մամուլին մէջ արդեօք: Հացադուլի դիմած «Հաց բերող»ին կեանքը նուա՞զ արժէքաւոր է ինքնահրկիզուած թունիզցի արաբէն: Անկախ անկէ, թէ ինչպէ՛ս կը դիտուի «Հաց բերող»ին արարքը եւ թէ ի՛նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ անիկա, ինչո՞ւ «Հաց բերող»ին դէմ դիտաւորեալ լռութիւն կը պարտադրուի սփիւռքահայ «յանձնառու» համարուող մամուլին:
Սփիւռքը իրաւունք չունի՞ տեղեկանալու Հայաստանի մէջ լուրջ ԵՐԵՒՈՅԹի վերածուած «Հաց բերող»ի արարքին, դատավարութեան, ժողովրդային հակազդեցութեան, անոր արարքի դրդապատճառներուն եւ այլ առնչակից հարցերու մասին:
«Ռաբիզ» երգիչի մը՝ նախագահին կողմէ մետալ ստանալը աւելի՞ կարեւոր լուր է, քան՝ «Հաց բերող»ին հացադուլը:
Մեր թերթերու հրատարակիչները չե՞ն հասկնար, որ 21րդ դարուն, արդէն վաղու՜ց անհնար դարձած է համայնավարական-ամբողջատիրական վարչակարգերու ոճով լրատուութեան հովանաւորչութիւնն ու կառավարումը…
Ի վերջոյ, ի՞նչն է պատճառը սփիւռքահայ մամուլի այս լռութեան. ի՞նչն է պատճառը հայաստանեան ընկերատնտեսական ու քաղաքական կեանքի ԲՈԼՈՐ իրադարձութիւններու՝ լուրջ, սպառիչ եւ համակողմանի քննարկման բացակայութեան…
Հայրենիքի կայունութիւնը վտանգելու վա՞խ, կողմնակալութեամբ ամբաստանուելու մտահոգութի՞ւն, թէ արդէն շատ աւելի վտանգաւոր՝ Հայաստանի իշխանական շրջանակներէն ճիպոտով առաջնորդուելու պարտադրանք, կամ՝ սկզբունքային կեցուածքի բացակայութիւն ու գաղափարականութեան սով…
Գրեցէ՛ք ինծի: