Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կոչ Ուղղեց Նախագահ Թրամփին՝ Ատրպէյճանի Մօտ Միջամտելու՝ Հայ Գերիները Ազատ Արձակելու Համար.asbarez2025-02-07 18:29:00
Արամ Ա. կաթողիկոսը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղեց յատուկ նամակ մը, որուն մէջ կ՛ողջունէ «ոսկեշրջան» մը բանալու եւ խաղաղութեան համար աշխատելու՝ անոր խոստումը:
Կաթողիկոսը կը յիշեցնէ նախագահին՝ ընտրապայքարին ընթացքին անոր կատարած դատապարտումը՝ Արցախի ժողովուրդին ցեղային զտման ու բռնագաղթին, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը շեշտելը:
Վեհափառը Թրամփի ուշադրութեան կը յանձնէ համայն հայութեան ցաւ ու ընդվզում պատճառող Արցախի քաղաքական անօրէն բանտարկեալներուն, որոնց շարքին՝ նախկին նախագահներ, վարչապետներ եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, Պաքուի մէջ դատավարութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ դռնփակ եւ առանց միջազգային դիտորդներու ներկայութեան ու առանց դատական յստակ գործընթացի մը:
Ապա, Արամ Ա. նախագահ Թրամփին կը յայտնէ, որ հայ ժողովուրդը մեծապէս պիտի գնահատէ զինք, եթէ անձնապէս միջամտելով՝ կոչ ուղղէ նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ շուտափոյթ կերպով եւ առանց պայմանի ազատ արձակելու բանտարկեալները։ Այդպիսի քայլ մը պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ եւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան գործընթացին, Արցախի հայերուն Արցախ վերադարձին գծով դրական պայմաններ ստեղծելուն, ինչպէս նաեւ շօշափելի մէկ արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ նախագահ Թրամփին խաղաղութեան առաքելութեան, իր նամակին մէջ կ՛ըսէ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Այս նյութը դիտել են - 256 անգամ