Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Պահանջատիրական Շաբաթը աւարտեցաւ Տարեկան Ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 107,200 Տոլար որ պիտի յատկացուի Հայ Աւստրալական հանրային աշխատանքներուն:
Սոյն ճաշկերոյթին պատուուեցաւ Աւստրալահայ տաղանդաւոր լրագրող Ճորճ Տօնիկեան «Հայ Դատի Յանձնախումբի Հայ եւ Աւստրալացի համայնքներու Տարուան Բարեկամ» շքանշանով: Տօնիկեան, նախկին լուրերու հեռարձակող ԷՍՊԻԷՍ Հեռատեսիլի կայանէն, ի յայտ բերաւ եւ դատապարտեց սոյն կայանի անընդունելի մեղմ կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ: Երբ Խոստումը ֆիլմին ցուցադրութիւնը կ’ըլլար Աւստրալիոյ մէջ Տօնիկեան հրապարակաւ յայտարարեց թէ իր ընտանիքին պատմութիւնը առնչուած էր Ցեղասպանութենէն վերապրողներու հետ:
Մանրամասները՝ սկզբնաղբյուրում։
Այս նյութը դիտել են - 10598 անգամ