USArmenianews.com
Լրատվական կայք՝ Լոս Անջելեսից
, 22 Դեկտեմբերի 2024թ.
Լոս Անջելես
: :
Երևան
: :
Գլխավոր|Քաղաքականություն|Պաշտոնական լրահոս|Հասարակություն|Սփյուռք|Մամուլի տեսություն|Մանկավարժի անկյուն|ՀՀ Ոստիկանական Համակարգի Իրական Դեմքը |Սոցցանց|Հարցազրույց|Տեսանյութ|Շոուբիզնես|Մշակույթ|Ուտելիք-Մուտելիք|Սպորտ|Առողջապահություն|Ժամանց|Հաճելի Երաժշտություն|am|am|am
Facebook twitter Youtube
Search
am en
Արխիվ
Օրվա Լուսանկար
ԻՐԱՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ 44-ՐԴ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
2022-12-31 11:53:00
Տպել Տպել


«Մենք ճամբայ ունինք
Պիտի հասնինք Սասուն
Հայերի հողը մեզ է սպասում»։
Ազգային երգ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2022, Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութեան Շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս, տօնական անխառն մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Այդ օր դպրոցի աշակերտութիւնը, գլխաւութեամբ վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի եւ աննման նուիրեալ ուսուցիչներուն հայաբոյր մթնոլորտի մէջ, երգով, արտասանութիւններով, կենդանի պատկերներով նշեցին Նոր Տարուան եւ Քրիստոսի Մեծախորհուրդ եւ սքանչելի ծննդեան օրը, ներկայութեամբ՝ Միութեան վարչութեան ատենապետուհիին՝ Տոքթ. Մարալ Անճարկօլեանի, դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետին, խանդավառ ծնողներու եւ յորդահոս բազմութեան։
Առաւօտեան ժամը 10։00-ին, 90 աշակերտ-աշակերտուհիներ տօնական օրերու վայել զգեստներով, տօնական երգերու եւ ծափերու կշռոյթներով բեմ բարձրացան։ Անոնք լիաթոք եւ միաբերան կատարեցին «Տէրունական» եւ «Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ Տէր» աղօթքները, որմէ ետք անոնք երեք խումբերով ելոյթ ունեցան։
Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութիւնը, յատուկ կեդրոնաշէնք չունենալով, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ յարանուանական եկեղեցի մը, կամ՝ համահայկական կազմակերպութեան մը նիւթական եւ բարոյական հովանաւորութիւնը վայելելով, Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութիւնը 44 տարիէ ի վեր կը պահէ այս դպրոցը եւ կը կատարէ ազգապահպանման այս սուրբ գործը։ Այսօր մօտ 3,000-է աւելի հայ փոքրիկներ այս վարժարանը յաճախած են եւ ԱՆՎՃԱՌ հայեցի դաստիարակութիւն ստացած են։ Իսկ այս 44 տարիներու ընթացքին մօտ 96 ԿԱՄԱՒՈՐ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ծառայած են այս վարժարանէն ներս։

Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Խաչատուրեանի բարի գալուստի եւ բացման շնորհաւորական ջերմ խօսքէն ետք, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Ա.Բ. եւ Գ.ի դասարաններու բաժնուած 90 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք մօտ 40 արտասանութիւն, երգ եւ խօսքեր ըսելով շէն ու շէնշող մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ սրահէն ներս։
Անոնք Ձմեռ պապիկին խոստացան լաւ զաւակներ ըլլան, իրենց հայրերը, մայրերը, եղբայրներն ու քոյրերը սիրելէ զատ, յարգել եւ սիրել իրենց բոլոր հարազատները, իրենց մայր Հայրենիքը, մայրենի լեզուն եւ մեր ժողովուրդի հաւատքի կեդրոն եւ աղբիւր Հայ Առաքելական եկեղեցին։
Ամէն խումբի ելոյթէն առաջ, իւրաքանչիւր բաժնի պատասխանատու ուսուցչուհի իր սրտի եւ շնորհաւորական ելոյթով կ՚ողջունէր ներկայ ծնողները եւ իր սիրաջերմ մաղթանքներով կը շնորհաւորէր աշակերտութեան, ծնողներուն, հայրենի ժողովուրդի եւ ողջ հայութեան տօնական օրերը։ Մօտ մէկուկէս ժամ տեւող այս հանդիսութիւնը, ժողովուրդը անձանձրոյթ եւ մեծագոյն հաճոյքով եւ բացագանչութիւններով իր գնահատանքը եւ հիացմունքը կը յայտնէր իրենց զաւակներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան։
Ծնողները այնքան ուրախ եւ գոհ էին, որ ծաղկեփունջերով իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնէին ուսուցիչներուն եւ տնօրէնուհիին։

Վերջաւորութեան հասաւ փոքրիկներուն սպասած պահը իրենց հանդիպումը Ձմեռ պապիկին (կաղանդ պապային) հետ։ Ներկաները երգով, ծափերով, բացագանչութիւններով շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ դիմաւորեցին այս համով-հոտով Ձմեռ պապին, որ ծանրաբեռնուած էր իր բերած նուէրներով, բոլոր աշակերտները առանձին-առանձին նկարուեցան, առանձին կամ ծնողներուն հետ, որմէ ետք սկսաւ դպրոցի ծնողաուսուցչական մարմնին կողմէ պատրաստուած եւ նուիրուած ճաշկերոյթը, որ աշակերտները հրաւիրուած էին հացկերոյթի մը, որմէ ետք սկսաւ խրախճանքի բաժինը, բոլոր ներկաները շուրջ պարերով, շալախոներով եւ եարխուշթայի նուագներու եւ ազգային ու հայրենասիրական երգերու կշռոյթներու վրայ մօտ մէկ ժամ պարելէ ետք, վերջ գտաւ այս անմոռանալի ձեռնարկը։
Անկեղծօրէն յիշենք, թէ մեր դպրոցի 44 տարիներու պատմութեան մէջ նման հայաբոյր դպրոցական հանդէս մը չենք ունեցած, բացակաները իրապէս հոգեկան մեծ հաճոյքէ մը զրկուեցան։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր դպրոցի պատասխանատուները, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցիչները ու մանաւանդ դպրոցի ծնողաուսուցչական աննման մարմնի անդամուհիները, այս ձեռնարկին համար բոլորին ըսելով Ձեր վարձքը կատար եւ ողջ հայութեան ալ՝ Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Այս նյութը դիտել են - 81420 անգամ
Թողնել մեկնաբանություն
2022-09-26 00:27:00 Օրվա խորհուրդը
Օրվա խորհուրդը
Բոլորը ›››
Ամենաընթերցվածները
Օրվա Շաբաթվա Ամսվա
Facebook